Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոցի դասընթացքները կը հետեւին «Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Տարեկան Ուղեցոյց-Ծրագիր»ին (աջին): Դաստիարակները կը գործածեն «Կիրակնօրեայ Դպրոցի Դասեր» դասագրքերու շարքը, ինչպէս նաեւ Gospel Light կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած եւ World Vision-ի կողմէ հրատարակուած դասագիրքերու հայացուած տարբերակը ուր ներմուծուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբերու վարքն ու կարգ մը նշանաւոր տօներն ու աւանդութիւնները: Այս վերջինները նաեւ ունին իւրաքանչիւր գիրքի համար «Ուսուցչի Ուղեցոյց» :