Կիրակնօրեայ Դպրոցի Նպատակները

Ա. Տալ Կրօնական Դաստիարակութիւն

Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաջին նպատակն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աւանդութեան համաձայն կրօնական դաստիարակութիւն տալ մասնաւորապէս մանուկներուն եւ պատանիներուն: Կրօնական դաստիարակութիւնը լրացուցիչ մասն ազգային ընդհանուր կրթութեան եւ դաստիարակութեան, եւ ընդհանրապէս ալ չափահասներուն աւանդել քրիստոնէութեան եւ Մայրենի Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գիտելիքներ եւ ծանօթութիւններ:

Բ. Կերտել քաղաքացիական նկարագիր

Կրօնական դաստիարակութեան նպատակն է Հայ ժողովուրդին զաւակները գիտակից ընել իրենց Քրիստոնէական Կրօնքին եւ Մայրենի Եկեղեցւոյն եւ շինել անոնց քաղաքացիական նկարագիրը:

Անուն, Նպատակ, Միջոց

Կանոնագիր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու

Անուն

Յօդ. Ա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական թեմերուն բոլոր եկեղեցիները կ'ունենան իրենց յարակից կրօնական դպրոցները, որոնք կը կոչուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներ:

Նպատակ

Յօդ. Բ ա) Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աւանդութեան համաձայն կրօնական դաստիարակութիւն տալ մասնաւորապէս մանուկներուն եւ պատանիներուն, իբրեւ լրացուցիչ մասը ազգային ընդհանուր կրթութեան եւ դաստիարակութեան, եւ ընդհանրապէս ալ չափահասներուն աւանդել քրիստոնէութեան եւ Մայրենի Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գիտելիքներ եւ ծանօթութիւններ:

բ) Այս դաստիարակութեան նպատակն է Հայ ժողովուրդին զաւակները գիտակից ընել իրենց Քրիստոնէական Կրօնքին եւ Մայրենի Եկեղեցւոյն եւ շինել անոնց քաղաքացիական նկարագիրը:

Միջոց

Յօդ. Գ ա) Կազմակերպել Կիրակնօրեայ Դպրոցներ իւրաքանչիւր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն կից:

բ) Չափահասներու համար կազմակերպել լսարաններ՝ շաբթուան յարմար օրերուն մէջ:

գ) Հայթայթել կամ հրատարակել մանուկներու եւ չափահասներու յարմար սուրբգրական դասագիրքեր, կրօնական թերթեր, գիրքեր եւ պատկերներ:

դ) Սարքել կանոնաւոր դասախօսութիւններ՝ պատրաստելու համար կամաւոր ուսուցիչներ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու, մշակելով ուսուցչութեան համար անհրաժեշտ նիւթեր:

Պատմական

TODO

Տնօրէնին Խօսքը

Պրն. Թորոս Պապիկեան

«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Յիսուս Քրիստոսի արտասանած խօսքերը, որոնք Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նշանաբանն են, կը մնան հիմը մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան: Այն եկեղեցիները որոնց մանուկները արգելքներ ունին երթալու Յիսուսին, դատապարտուած են պարպուելու: Յիսուսի այս խօսքերը պէտք է ըլլան հիմը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մտապատկերին ...

TODO