Պրն. Թորոս Պապիկեան
«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Յիսուս Քրիստոսի արտասանած խօսքերը, որոնք Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նշանաբանն են, կը մնան հիմը մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան: Այն եկեղեցիները որոնց մանուկները արգելքներ ունին երթալու Յիսուսին, դատապարտուած են պարպուելու: Յիսուսի այս խօսքերը պէտք է ըլլան հիմը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մտապատկերին, մանաւանդ Գանատայի մէջ՝ երբ պետութեան կողմէ վարժարաններու մէջ, հայ կրօնական դաստիարակութեան սահմանափակումին հետեւանքով, եկեղեցիներուն համար կենսական կը դառնայ հայ քրիստոնէական դաստիարակութիւն փոխանցել նոր սերունդին, եւ այդ կարելի կ’ըլլայ հիմնականօրէն Կիրակնօրեայ Դպրոցներու միջոցով:
Մարկոսի Աւետարանին 10.13-15 ի մէջ կը կարդանք. «Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռքը դնէ անոնց վրայ, բայց աշակերտները սաստեցին բերողները: Երբ Յիսուս տեսաւ, բարկացաւ եւ սաստեց աշակերտները, ըսելով. - Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը»:
TODO1929-ին Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեանը, Ցեղասպանութենէն ազատած եւ տարագրուած հայ ազգի զաւակներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ցիր ու ցան եղած մնացորդացը հաւաքելու միակ ձեւը կը գտնէր զանոնք Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքելուն մէջ: Եւ անոր համար կը հիմնէր, Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցները որպէսզի, ինչպէս կ’ըսէ իր բառերով. «Չենք կրնար թոյլ տալ որ հայ մատաղ սերունդը հակակրօն գաղափարներով դաստիարակուի:» եւ կ’աւելցնէ «Մենք յայտնի կերպով կը տեսնենք թէ ի՛նչպիսի ողբալի վիճակի մը մէջ ինկած է Աւետարանի լոյսէն, կրօնքի սրբարար շնորհքէն զրկուած հայ երիտասարդութիւնը: Մենք կ’ուզենք որ մեր Մայրենի Եկեղեցւոյն զաւակները հարազատ զաւակները ըլլան իրենց Ընտանիքին, իրենց Ազգին, եւ իրենց Եկեղեցւոյն: ...Վերջապէս չենք ուզեր որ անկրօն եւ տգէտ մեծնայ հայ ժողովուրդի երիտասարդ սերունդը»:
Մանուկները, Յիսուսի կարենալ երթալու համար 2 բան պէտք ունին` Մայր մը որ զիրենք Յիսուսի ուզէ տանիլ, եւ մէկը որ արգելքները վերցնէ: Հայ Մայրը, որպէսզի իր զաւակը Յիսուսի տանի, պէտք է հաւատայ, որ որպէս Հայ, ասիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ որպէս հայ մայր, ասիկա իր պարտքն է ու իրաւունքը որ շահած է, ա. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս Առաքեալներու նահատակութեամբ, բ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներով, գ. Սահակ-Մեսրոպ-Վռամշապուհի իմաստութեամբ, երազով եւ քրտինքով, դ. Աւարայրի հերոսներու արիւնով եւ ե. Նուարսակի Դաշնագրի ստորագրութեամբ:
Սահակ հայրապետը իր իմաստութեամբ, Յիսուսի այս խօսքը որպէս նշանաբան ունենալով մէկ նախադասութեամբ կ’աղերսէր հայ մայրերուն որ իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնեն եւ Քրիստոսի խօսքերով կը սաստէր բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով արգելք կը հանդիսանային որ Հայ ազգին մանուկները մօտենան Քրիստոսի:
Արդեօք մենք ո՞ր խումբին կը պատկանինք: Անոնց որոնք իրենց զաւակները Քրիստոսի կը մօտեցնե՞ն թէ անոնց որոնք ոչ թէ միայն չեն մօտեցներ, այլ նաեւ արգելք կ’ըլլան բոլոր անոնց որոնք կ’ուզեն իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնել: