Այսօր` Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2013, Տօն Սրբոց առաքելոցն` Անդրէի եւ Փիլիպպոսի:
Անդրէաս Առաքեալ:
Անդրէաս առաքեալ Պետրոս առաքեալի եղբայրն է, որ Գալիլիոյ լիճին եզերքը իր եղբօրը` Պետրոսի հետ, կը կանչուի Քրիստոսի կողմէ առաքելութեան:
Անդրէաս նախապէս եղած է Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտը եւ լսած ըլլալով Յովհաննէսի վկայութիւնը Յիսուսի մասին նախքան Յիսուսէ կանչուիլը, արդէն անպաշտօն հետեւողը եղած է Յիսուսի եւ այդ պատճառով կոչուած է ՙՆախակոչ՚ առաքեալ:
Անդրէաս առաքեալ շատ քիչ կը յիշուի աւետարաններուն մէջ: Աւանդաբար կ’ըսուի թէ եղած է Սկիւթացիներուն քարոզիչ առաքեալը եւ սակայն եկեղեցի չէ հիմնած այնտեղ: Նաեւ քարոզած կը նկատուի Հիւսիսային Յունաստանի մէջ եւ նահատակուած Բաթրաս քաղաքին մէջ, բազմապատկութեան նշանին նման խաչի մը վրայ, որով խաչի այդ ձեւը կը կոչուի նաեւ Ս. Անդրէասի Խաչ:
Փիլլիպպոս Առաքեալ:
Փիլիպպոս առաքեալ Բեթսահիդայէն էր, Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալներուն քաղաքէն (Յհ 1.44):
Յիսուս երբ կը կանչէ զինք առաքելութեան, Փիլիպպոս առաքեալ առանց ժամանակ կորսնցնելու կ’երթայ եւ կ’աւետէ Նաթանայէլին թէ գտած են այն մարդը, որու մասին Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է (Յհ 1.45):
Փիլիպպոս առաքեալ երեք տարիներ հետեւելէ ետք Քրիստոսի, միւս առաքեալներուն նման, կ’անցի առաքելութեան եւ ըստ աւանդութեան կը քարոզէ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ կը նահատակուի խաչելութեամբ:
Photo: Այսօր` Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2013, Տօն Սրբոց առաքելոցն` Անդրէի եւ Փիլիպպոսի: Անդրէաս Առաքեալ: Անդրէաս առաքեալ Պետրոս առաքեալի եղբայրն է, որ Գալիլիոյ լիճին եզերքը իր եղբօրը` Պետրոսի հետ, կը կանչուի Քրիստոսի կողմէ առաքելութեան: Անդրէաս նախապէս եղած է Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտը եւ լսած ըլլալով Յովհաննէսի վկայութիւնը Յիսուսի մասին նախքան Յիսուսէ կանչուիլը, արդէն անպաշտօն հետեւողը եղած է Յիսուսի եւ այդ պատճառով կոչուած է ՙՆախակոչ՚ առաքեալ: Անդրէաս առաքեալ շատ քիչ կը յիշուի աւետարաններուն մէջ: Աւանդաբար կ’ըսուի թէ եղած է Սկիւթացիներուն քարոզիչ առաքեալը եւ սակայն եկեղեցի չէ հիմնած այնտեղ: Նաեւ քարոզած կը նկատուի Հիւսիսային Յունաստանի մէջ եւ նահատակուած Բաթրաս քաղաքին մէջ, բազմապատկութեան նշանին նման խաչի մը վրայ, որով խաչի այդ ձեւը կը կոչուի նաեւ Ս. Անդրէասի Խաչ: Փիլլիպպոս Առաքեալ: Փիլիպպոս առաքեալ Բեթսահիդայէն էր, Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալներուն քաղաքէն (Յհ 1.44): Յիսուս երբ կը կանչէ զինք առաքելութեան, Փիլիպպոս առաքեալ առանց ժամանակ կորսնցնելու կ’երթայ եւ կ’աւետէ Նաթանայէլին թէ գտած են այն մարդը, որու մասին Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է (Յհ 1.45): Փիլիպպոս առաքեալ երեք տարիներ հետեւելէ ետք Քրիստոսի, միւս առաքեալներուն նման, կ’անցի առաքելութեան եւ ըստ աւանդութեան կը քարոզէ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ կը նահատակուի խաչելութեամբ: