Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ


Սուրբ Յակոբ
Կիրակնօրեայ Դպրոց
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director
Ամէն տարի Սուրբ Գէորգին յաջորդող Կիրակին, որ միշտ Սեպտեմբեր 28-ի ամենէն մօտ Կիրակին է, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ խաչին նուիրուած Վարագայ Ս. խաչի տօնը:
Այս տօնը կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ: Ըստ աւանդութեան, Ս. Հռիփսիմէն այդ տեղ պահեր է իր վիզի խաչը: Հոն, շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Յովէլ եւ Թոդիկ, տեսիլք մը կ'ունենան ուր հրաշալի լուսաւորութիւն մը զ'իրենք կ'առաջնորդէ դէպի Վանի Վարագ լեռներ ուր լուսաւորութիւնը կը կեդրոնանայ ու ի յայտ կու գայ՝ խաչ մը:
Վարագավանք
Կը գտնուի Վան քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին: 653-ին երբ յայտնի կը դառնայ Վարագայ Ս. Խաչի «Նշան»ի տեղը, Ներսէս Գ. կաթողիկոս Տայեցին, կը կառուցէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ կը հաստատէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը:
870-ին արաբները կը գրաւեն Վարագավանքը, սակայն շատ չանցած Աշոտ Արծրունի իշխանը կ'ազատագրէ զայն:
1857-ին Վարագավանքի վանահայր կը նշանակուի Խրիմեան Հայրիկը «Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի»: 1915-էն ի վեր լքուած է եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի:
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director