Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ


Սուրբ Յակոբ
Կիրակնօրեայ Դպրոց
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director
Յիսուսի Համբարձումը
Համբարձում կը նշանակէ «բարձրացում»: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է, որ տեղի կ՛ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր, Յարութեան 40-րդ օրը: Յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք, 40-րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն. «երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, Հրէաստանի, եւ Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը, Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ որ ամպերը ծածկեցին զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն: Այս պատուիրանին համաձայնԹադէոս ու Բարթողոմէոս Առաքեալները
Հայաստան եկան հիմը դնելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director