Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ


Սուրբ Յակոբ
Կիրակնօրեայ Դպրոց
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director
Ի՞նչ կրնամ ընել Հայ տպագրութեան 500-ամեակը արժանաւորապէս ոգեկոչելու համար:
Ինչպէս գիտէք 2012 թուականը 500-ամեակն է Յակոբ Մեղապարտի 1512-ին Վենետիկի մէջ Ուրբաթագիրքի տպագրութեան: Գիրքը ունի 124 թուղթէ էջեր եւ տպագրուած է սեւ եւ կարմիր գոյներով: Յակոբ Մեղապարտի հիմնած առաջին հայկական տպարանը գործած է 1512-1513 թուականներուն, լոյս ընծայելով հաւանաբար վեց գիրքեր, որոնցմէ այժմ պահպանուած են հետեւեալ հինգը, ըստ տպագրման հերթականութեան՝
«Ուրբաթագիրք» 1512
«Պատարագագիրք» 1513
«Աղթարք» 1513
«Պարզատումար» 1513
«Տաղարան» 1513
Միայն «Պատարագագիրք»-ն ունի հրատարակութեան թուականը, վայրն ու տպագրիչի անունը նշող յիշատակարան.
«Գրեցաւ տառս ի ջկբ (1513), ի աստուածապահ քաղաքս ի Վէնէժ, որ է Վենետիկ՝ Ֆռանկստեան. ձեռամբ Մեղապարտ Յակոբին. ով որ կարդայք մեղաց թողութիւն խնդրեցեք Աստուծոյ»: «Պատարագագիրք» Վենետիկ 1513
Այսօրուայ պայմանները մեզմէ իւրաքանչիւրին առիթ կու տան Յակոբ Մեղապարտ մը ըլլալու, որովհետեւ երբ մենք նստած մեր համակարգիչներուն առջեւ, ընտրութիւնը եւ կարելիութիւնը ունինք մեսրոպատառ հայերէն գրելու: Հետեւաբար կը ներկայացնենք մեր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ առաջարկները ոգեկոչելու համար այս 500-ամեակը.
1. Միայն օտար լեզուներով համացանցային ներկայութիւն ունեցող հայ կազմակերպութիւններէն պահանջել որ հայերէն լեզուով համահաւասար ներկայութիւն ունենան:
2. Պահանջել հայ կազմակերպութիւններէն որ իրենց բոլոր ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւնները անդամներուն, ժողովականներուն եւ ժողովուրդին միջեւ ընեն նաեւ մեսրոպատառ հայերէնով:
3. Մեսրոպատառ հայերէնով գրել մեր ե-նամակները (email) երբ հայերէն կարդացողներու հետ կը հաղորդակցինք:
4. Մեսրոպատառ հայերէն գործածել Facebook, Myspace, Twitter եւ այլ կայքէջերու վրայ:
Իսկ եթէ կը կարծէք թէ դժուար է մեսրոպատառ հայերէնով գրել համակարգիչի կամ համացանցին վրայ, դարձեալ կ’ուզենք յիշեցնել թէ երկու շատ պարզ ձեւեր կան.
Ա. Այցելեցէ՛ք http://sourphagop.org/enable_armenian_in_7_clicks եւ եօթն անգամ ստեղն սեղմելով պիտի կարենաք Հայերէն ունենալ ձեր համակարգիչին վրայ:
Բ. Այցելեցէք http://sourphagop.org/virtual_armenian_keyboard եւ պիտի առաջնորդուիք էջ մը ուր մեքենականօրէն հայերէնով պիտի գրէք, եւ ձեր գրութիւնը կրնաք ընդօրինակել (copy) եւ փակցնել (paste) համակարգիչին կամ համացանցին վրայ ուր որ կ’ուզէք:
2012-ին կ’ըտրեմ մեսրոպատառ հայերէնով գրել համակարգիչին եւ համացանցին վրայ: Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ
You can use this area to showcase additional text or photos. Try to reinforce the message on the rest of this page, or simply ask your visitors to contact you, as in the sample below.
Still have questions? Please contact us anytime! We look forward to hearing from you.
Hint: Be sure to include a link to your contact page!
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director