Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ


Սուրբ Յակոբ
Կիրակնօրեայ Դպրոց
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director
Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը՝ թուային (digital) պարունակութիւն ունենալու մէջ կը կայանայ
405 թուին ծնունդ առած հայերէնը արդէն 1606 տարեկան է: Լեզու մը, երիտասարդ մնալու համար, պարտի նորագոյն արուեստագիտութիւններու (technology) հետ քայլ պահել: Արդեօք լեզու մը կա՞ր որ չօգտագործեց ԺԵ. դարու Կիւթէմպըրկի տպագրութեան գիւտը: Ոչ, որովհետեւ այն լեզուները որոնք տպագրութիւն չունեցան, մեռան: (Հոս կ’արժէ յիշել թէ 2012 թուականին, մենք պիտի տօնենք Հայ տպագրութեան 500-ամեակը):
Այսօր, մենք կ’ապրինք թուային ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գիրքեր, երգեր, արուեստի գործեր, արուեստագէտներ եթէ չունին թուային ներկայութիւն, տեղ չունին իրենց համակիրներու համակարգիչներուն եւ բջիջային հեռախօսներուն մէջ, եւ ուրեմն տեղ չունին ժողովուրդի մտքին մէջ: Մենք կ’ընդունինք թէ արեւմտահայերէնի փրկութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, սակայն պէտք է բաժնել պարտականութիւնները.
Եթէ մենք հաւաքաբար շարունակենք չգործածել հայերէնը մեր առօրեային մէջ, այն ատեն միայն մենք մեզ կրնանք այպանել:
Մենք, որպէս Կիրակնօրեայ Դպրոց եւ «Մաշտոցի Արձագանգ»ի խմբագրութիւն, մեր բաժինը կը բերենք այս համազգային պարտականութեան մէջ:
2000 թուականին, ստեղծեցինք մեր կայքէջը, որպէսզի հայերէնով Ճաշու Աւետարանը թուային ներկայութիւն ունենայ համացանցին վրայ:
2002 Սեպտեմբերէն սկսեալ «Մաշտոցի Արձագանգ»ը որպէս ամսաթերթ զետեղեցինք համացանցին վրայ, թուային ներկայութիւն տալու համար անոր:
Մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ հայերէն որոշ գիրքերու տուինք թուային
ներկայութիւն, համացանցի հետեւեալ հասցէներուն վրայ (ինչպէս կը տեսնէք, URL-ները հայերէն են:
http://www.sourphagop.org/գիրքեր/դասագրքեր
http://www.sourphagop.org/գիրքեր/այլ_գիրքեր
Յոյսով կը սպասենք որ բոլոր հայ կազմակերպութիւնները մեսրոպատառ հայերէնը
թուային ներկայութիւն դարձնեն իրենց համացանցային հաղորդակցութեան մէջ:
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director