3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Տ Ե Ա Ռ Ն Ը Ն Դ Ա Ռ Ա Ջ ը
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տէրունի տօներէն մէկն է: Ան յիշատակնէ այն օրուան երբ 40 օրուայ մանուկ Յիսուսը բերուեցաւ տաճար ու ընծայուեցաւ Աստուծոյ: Տեառնընդառաջը անշարժ տօն մըն է, եւ ամէն տարի կը տօնենք Սուրբ Ծնունդէն 40 օրեր ետք, Փետրուար 14-
ին: Տեառնընդառաջի օրը, եկեղեցիէն ներս պատարագ կը մատուցուի, Եկեղեցիին 4 անկիւնները կը կարդացուին աւետարանի համապատասխանող հատուածներ: Կը յիշատակուին նաեւ ծերունի Սիմոնն ու Աննա մարգարէուհին, որոնք Յիսուսի տաճար ընծայման ներկայ գտնուեցան:
Գիտէի՞ր թէ .........
Տեառնընդառաջի մասին կարելի է կ ա ր դ ա լ մ ի ա յ ն Ղ ո ւ կ ա ս ի աւետարանին մէջ: Մատթէոս, Մարկոս եւ Յովհաննէս Սուրբ աւետարանիչները չեն ակնարկած Յիսուսի կեանքի այս դէպքին:
Ի՞նչ կը տօնենք
Փետրուար 14-ին
Երբ մեր շուրջը St. Valentine կը տօնուի, մենք պէտք է յիշենք թէ Հայ Եկեղեցին այդ օրը Տեառնընդառաջ կը տօնէ: Տեառնընդառաջը, 40 օրուայ Յիսուս Մանուկին տաճար
տարուելու եւ Աստուծոյ նուիրուելու օրն է: Նախորդող գիշերը, 13-ին, եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն տեղի կ’ունենայ, կրակ կը վառեն եկեղեցւոյ բակին մէջ ու հաւատացեալներ
իրենց մոմերը վառելով տուն կը տանին:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab