3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • Սուրբեր Եւ ՏօներClick to open the Սուրբեր Եւ Տօներ menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
    • Ժամանակացոյց
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Blog

Ս. Յովհան Ոսկեբերան

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան (344/54-407 թթ.)

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը, ընդհանրական եկեղեցւոյ տասներկու վարդապետներէն մէկն է: Ծնած է Անտիոքի մէջ, ազնուական ընտանիքի մէջ, ազգութեամբ՝ ասորի: Հայրը մահացեր է երբ ան տակաւին մանուկ էր: Մօր բարի խնամքին շնորհիւ ստացեր է լաւ կրթութիւն՝ ուսանելով ժամանակի հռչակաւոր հռետոր եւ ճարտասան Լիբանիոսի մօտ:

380 թուականին Մելիտոս եպիսկոպոսի թախանձագին հարկադրանքով սարկաւագ կը ձեռնադրուի: 386 թուականին Մելիտոսին յաջորդած Փլաբիանոս հայրապետը զայն քահանայ կը ձեռնադրէ: 397 թուականին կը վախճանի Կոստանդնուպոլսոյ Նեկտարիոս պատրիարքը, եվ Արկադիոս կայսրը, տեղեակ ըլլալով սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի համբաւի մասին, կը պատուիրէ, որպէսզի զայն անմիջապէս, անաղմուկ բերեն Կոստանդնուպոլիս՝ պատրիարք ձեռնադրելու:

398 թուականին տեղի կ’ունենայ անոր ձեռնադրութիւնը: Իր հօտին նուիրուած հովիւը ոչ միայն քաղցրութեամբ կը խրատէր, այլ երբեմն՝ յանդիմանութեամբ, այդ էր պատճառը, որ շուտով անուանի հայրապետը շատ հակառակորդներ կ’ունենայ: Այդ հակառակորդներու շարքին մէջ էր նաեւ Եւդոքսիա թագուհին, որ կը յանդիմանուէր հայրապետի կողմէ արքունական յոռի բարքերու պատճառով: Իր թշնամիներու սադրանքով 403 թուականին ան կ’աքսորուի, սակայն վախնալով ժողովուրդի ցասումէն և այդ օրերուն տեղի ունեցած երկրաշարժէն՝ արքունիքը ետ կը բերէ հայրապետը: 404 թուականին Ս. Յովհան Ոսկեբերանը դարձեալ կ’աքսորուի Կիլիկիոյ Կոկիսոն քաղաքը, աւելի ուշ՝ Բիւզանդիա: Չդիմանալով ճանապարհի դժուարութիւններուն՝ 407 թուականին կը մահանայ: Անոր արտասանած վերջին բառերն են. «Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ, փա՛ռք քեզ, ամէն ինչի համար փա՛ռք քեզ»:


438 թուականին, սուրբի մարմինը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը բերուի եւ կ’ամփոփուի Կ. Պոլսոյ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ:

Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս անխոնջ մշակի ոսկեբերան խօսքերը դարեր շարունակ առաջնորդեր և կրթեր են բազում եկեղեցական սերունդներ: Անոր խօսքերէն կատարուած մէջբերումներու կը հանդիպինք ամենուրէք: Ան յայտնի է իր Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու մեկնութիւններով: Բազմատեսակ է անոր մատենագրական վաստակը՝ մեկնութիւններ, ճառեր, ներբողներ, թուղթեր և այլն, որոնք իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են քրիստոնէական մտքի պատմութեան վրայ: Անոր գործերը հայերէնի թարգմանուած են, արդէն իսկ իր կենդանութեան օրերուն:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակն ամէն տարի կը տօնէ երկու անգամ, նախ՝ Տասներկու վարդապետներու շարքին` Խաչվերացի Զ. Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը, ապա, առանձին` Խաչվերացի Է. Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:



Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com