3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ
Ե՞րբ կը տօնենք
Սուրբին յիշատակի օրը կանուխէն հաստատուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ եւ կը տօնուի ամէն տարի Յիսնակի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող շաբաթ օրը: Այս կը նշանակէ թէ Սուրբ Յակոբին տօնը կը յիշատակենք
Դեկտեմբեր 12-18 օրերուն մէջ հանդիպող Շաբաթ օրը:
Սուրբ Յակոբի կեանքը
Սուրբ Յակոբ ծնունդով ասորի էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին եւ
Պարթեւական տոհմէն: Անոնք միասին դաստիարակուած էին Կեսարիոյ մէջ: Ս. Յակոբ որոշ ժամանակ ապրեր էր Պարսկաստանի արքունիքին մէջ, սակայն հետագային կ’ընտրէ ճգնաւորի կեանքը եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կ’ուղուի Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը՝ Մարուգէ ճգնաւորին մօտ: Ան մասնակցած է Նիկիոյ մէջ կայացած տիեզերական ժողովին 325 թուականին: Մծբինի աթոռին համար ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, որ գուշակուած էր մարուգէ ճգնաւորին կողմէ: Հայ մատենագրութեան մէջ յայտնի են իր 22 ճառերէ բաղկացած «Զգօն» գիրքը: Ս. Գրիգոր Նարեկացին հիացող մը եղած է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին,
որուն նուիրած է իր ներբողական գրութիւններէն մէկը:
Սուրբ Յակոբին նուիրուած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» անունով գեղեցիկ
շարական մը գրուած է: Այս շարականը հաւանաբար գրուած է այն դէպքին առիթով ուր կը պատմուի թէ պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը աշխարհածաւալ իր արշաւանքներուն ընթացքին կը հասնի Մծբին որ կը պաշարէ 70 օրեր շարունակ: Շնորհիւ Ս. Յակոբի քաղաքին ներսէն կազմակերպած միջոցառումներուն, ան անկարող կ’ըլլայ գրաւելու Մծբինը: Այդ յաղթանակին առիթով Ս. Ներսէս Շնորհալի կը ձօնէ իր այդ շարականը:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab