3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Սուրբ Մանէ
Հայաստան հասած 37 կոյսերէն զատուելով` Մանէն կը հեռանայ դէպի Եկեղեաց գաւառի Սեպուհ լեռը, որտեղ փակուելով քարայրի մը մէջ` ճգնաւոր կեանքով կ՛ապրի: Այսպէս Մանէ կոյսը հրեշտակային կեանքով, աղօթքով և աստուածային մխիթարութեամբ զօրացած ապրեցաւ այդ քարայրին մէջ, որ հետագային իր անունով կոչուեցաւ «Մանէի այր»:
Հետաքրքրական պատմութիւն մը կը հաղորդուի Մանէի վարքագրութեան մէջ իր կեանքի վերջին օրերու մասին: Այդ ժամանակաշրջանին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն ալ կը կամենայ հեռանալ և իր կեանքի վերջին օրերը ապրիլ առանձնութեան մեջ: Այդ ներշնչումով Հայոց հայրապետը կու գայ Դարանաղեաց լեռներ և իբրև բնակութեան վայր կ՛որոշէ Սեպուհ լերան քարայրը, ուր կը ճգնէր Մանէն: Երբ կը մօտենայ այրին, Մանէի ձայնը կը լսուի, որ կը պատուիրէ Սուրբ Գրիգորին երեք օրէն վերադառնալ իր ընտրած քարայրի մօտ: Կատարելով սուրբի ցանկութիւնը` Հայրապետը կը վերադառնայ երեք օրէն և սրբուհին վախճանած գտնելով` սաղմոսներ ըսելով կը թաղէ զայն քարայրին մէջ (323 թ.):
Մանէ և Նունէ կոյսերու յիշատակը կը տօնուի Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին յաջորդող երեքշաբթի օրը:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab