3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Յովսէփ կաթողիկոս, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ քահանաներ, Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագներ եւ այլ հոգեւորականներ Ղեւոնդեանք անուան տակ կը ճանչցուին:
Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը կը տօնուի Վարդանանց տօնի նախորդող Երեքշաբթի օրը, որ նաեւ տօնն է բոլոր քահանաներուն:
Պարսից Յազկերտ Բ. թագաւորը, Վարդանանց պատերազմէն ետք, Հայաստանի մէջ ապստամբական նոր խլրտումներ կանխարգիլելու համար, կարգ մը կասկածելի նախարարներու հետ հոգեւորականներն ալ արգելափակեց: 454-ի Քուշանաց դէմ պատերազմի պարտութենէն ետք, Յազկերտ թագաւորը արգելափակուածներէն իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով սպաննեց:
Ղեւոնդեանք հայ եկեղեցականութեան պարծանք ներշնչող սուրբերն են: Հայրենիքի եւ հաւատքի նկատմամբ նուիրումի գաղափարը Ղեւոնդեանք տուին իրենց անձնական օրինակով:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab