3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • Սուրբեր Եւ ՏօներClick to open the Սուրբեր Եւ Տօներ menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
    • Ժամանակացոյց
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Blog

Ս. Խաչի Երեւման Տօն

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՐԵՒՄԱՆ ՏՕՆ

Ի յերկնից երեւեալ նշանն յաղթութեան այսօր, հեթանոսաց ծագեաց լոյսն
ողորմութեան (Շարական)


     Ամէն տարի՝ Ս. Զատկին յաջորդող հինգերորդ կիրակի օրը, մեր երանաշնորհ հայրապետներու տնօրինութեան համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երևման տօնը՝ մէկ անգամ ևս յիշելով Տիրոջ չարչարանքները, անոր խաչելութիւնը, և խաչի վրայ անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութիւնը: Այս տօնը պատմական դէպքի մը յիշատակութիւնն է:


      351 թ–ի Մայիսի 7–ին, Կիւրեղ Երուսաղեմացի հայրապետի օրով, օրուայ երրորդ ժամուն (ժամը 9–ին) երկնքի վրայ կ’երեւի Փրկիչի խաչի նշանը՝ տարածուելով Գողգոթայէն մինչև Ձիթենեաց լեռը: Այս դէպքին ականատես կ’ըլլան ոչ միայն Երուսաղէմի մէջ բնակող քրիստոնեաները, այլև տարբեր դաւանանքներու ու կրօններու պատկանող մարդիկ: Խաչի պայծառ երևումէն նոյնիսկ արեգակը կը մթագնի: Բոլորը կը շտապեն եկեղեցի, իրենց սրտի խորերէն աղօթելու առ Աստուած՝ գոհութիւն յայտնելով Բարձրեալին՝ այս մեծ շնորհին արժանացած ըլլալու համար: Երկնային հրաշքի շնորհիւ շատեր կը հաւատան Յիսուսին, կը մկրտուին սուրբ Կիւրեղի ձեռքով՝ անդամագրուելով Քրիստոսի Եկեղեցւոյ: Այս դէպքին առթիւ Կիւրեղ հայրապետ նամակ մը կը գրէ Բիւզանդիայի Կոստանդին կայսրին, որ Մեծն Կոստանդիանոսի որդին էր: Նամակին մէջ սուրբը կը պատմէ Երուսաղէմի խաչի երևման մասին՝ յորդորելով, որ վերջինս հաստատ մնայ իր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքի մէջ, ինչպէս նաև հաւատարիմ՝ նիկիական դաւանութեան: Այս թուղթը Ե. դարուն կը թարգմանուի հայերէնի և կ’ընթերցուի տօնի օրուայ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին՝ կատարուող անդաստանէն առաջ:


    Մեր բազմադարեան պատմութեան մէջ ալ քիչ չեն խաչի երևումները: Երանելի Կորիւնը, ինչպէս նաև քերթողահայր Մովսէս Խորենացին, Հայ Եկեղեցւոյ երրամեծ վարդապետ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան և թաղման կապակցութեամբ արձանագրած են, որ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ օրեր շարունակ խաչի լուսապայծառ նշանը փայլեր է այն տան վրայ, ուր սուրբն աւանդեր էր իր հոգին: Այդ նոյն նշանն ալ առաջնորդ է եղեր բազմութեան՝ ամբողջ յուղարկաւորութեան ընթացքին: Եւ այսքան տարիներ յետոյ, շատերու մօտ հարց կրնայ ծագիլ թէ ի՞նչ է խաչը քրիստոնեաներուս համար, և ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը:

     Խաչը Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ մահապարտները անարգելու և նախատելու համար էր: Խաչելութիւնը ոչ միայն անպատուաբեր վախճան կը համարուէր, այլև հին աշխարհի յայտնագործած ամենաանմարդկային և դաժան պատիժներէն մէկն էր: Դատապարտեալը մերկ կը գամէին խաչին՝ ենթարկելով զանազան մարմնական խոշտանգումներու: Եւ խաչեալը կը տանջուէր, արևի կիզիչ ճառագայթները կ’այրէին անոր գլուխը, անբնական վիճակէն մարմինը կ’ուռճէր, վէրքերը կը բորբոքէին՝ անտանելի ցաւեր պատճառելով: Մահապարտը, երկար տանջուելէ յետոյ, կ’աւանդէր հոգին: Այդ ժամանակ տախտակներէ շինուած այդ գործիքը մահուան խորհրդանիշն էր: Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք. «Անիծեալ է ան, որ փայտէ կը կախուի» (Բ Օր. ԻԱ 23), բայց մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս խաչի վրայ հեղած իր թանկագին արեամբ կենաց և օրհնութեան միջոցի վերածեց զայն «այդ անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով» (Գաղ. Գ 13): Աստուածորդին միացաւ խաչափայտին՝ սրբագործելով զայն և մեզ տալով «զէնն յաղթութեան» ընդդէմ սատանայի ու անոր խաբկանքներուն: Եթէ մինչև Քրիստոս խաչն անարգանքի և նախատինքի նշանն էր, ապա Տիրոջ խաչելութեամբ անոր մէջ դրուեցաւ կեանքի խորհուրդը, և մարդ արարածը հնարաւորութիւն ստացաւ նոր արարած ըլլալու. «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս» (Բ Կորնթ. Ե 17): Քրիստոս խաչի վրայ ներեց մեզի, մեր մեղքերու պարտամուրհակը վերցուց մէջտեղէն՝ գամելով զայն
խաչափայտին:
Մարդկութեան փրկութեան համար մարմնացած Աստուած խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, բայց երրորդ օրը հրաշափառապէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ քանդելով մահուան կապանքները: Այո՛, յարութիւն առաւ Տէրը, որովհետև Լոյսը չէր կրնար գերեզմանի մթութեան մեջ մնալ: Եւ այս իրողութիւնը նկատի ունենալով է որ սուրբ
Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ’ըսէ. «Կը դաւանիմ Խաչը, քանզի գիտեմ Յարութիւնը»:
Հետևաբար խաչը մեզ համար յոյսի, սիրոյ, յաղթանակի և փրկութեան նշանն է, որուն վրայ Աստուածորդին պարտութեան մատնեց սատանային` մեր առաջ բանալով դրախտի դուռը, որը մինչ այդ փակուած էր մեր նախածնողներ Ադամի ու Եւայի անհնազանդութեան պատճառով: Յիսուս խաչին վրայ ցոյց տուաւ իր անհուն սէրն ու
անբաւ ողորմածութիւնը ադամորդիներուս նկատմամբ: Տէրն իր փրկագործութեան խորհուրդով խաչը վերածեց յաղթութեան նշանի: Եւ այս գիտակցութեամբ ու խոր համոզումով է որ քրիստոնէութեան մունետիկ Պօղոս Առաքեալ ի լուր բոլորին կ’ազդարարէ. «Քա՛ւ լիցի, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղ. Զ 14): Այո՛, տէրունական նշանը ճշմարիտ քրիստոնեաներուս համար պարծանքներու պարծանքն ու Աստուծոյ անսահման սիրոյ արտայայտութիւնն է անկեալ մարդու նկատմամբ: Ճիշդ է, անհաւատ ու Տէրը չճաշակած մարդոց համար խաչի վրայ Քրիստոսի այս զոհողութիւնն անիմաստ և անհասկանալի կը թուի, բայց մեզի համար, որ մեր սրտերուն մէջ ընդուներ ենք ճշմարիտ Աստուծ` Յիսուս Քրիստոսը, խաչը դարձեր է փրկութեան գրաւականը: Անգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող այս մարդոց մասին է առաքեալի խօսքը. «Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ’ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ’ըսեմ, մեր
մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց Աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (Փիլիպ. Գ 18-19):
Ապաւինելով խաչի զօրութեանը` մենք կը խափանենք չարը, խաչակնքելով, մենք մեզի Աստուծմով կը զօրացնենք, եւ անով կը զարդարենք մեր հոյակերտ եկեղեցիները, անով կը կնքենք մեր զաւակները, անով կը պսակուինք, անով ալ գերեզման կ’իջնենք՝ յաւիտենական կեանքի յոյսով: Ինչպէս Տիրոջ երկրային կեանքը խաչի ճանապարհ մը եղաւ, այնպէս ալ քրիստոնեաներուս համար այս ժամանակաւոր կեանքը խաչի ճանապարհ է: Ճանապարհ մը, որ անձուկ ու դժուար է, քարքարոտ ու փշոտ, բայց որու վերջնական հանգրուանը Տիրոջ խոստացած երկնային արքայութիւնն է: Սուրբ խաչի երևման տօնէն բխող պատգամն է, որ խաչակնքումը մեզի համար ոչ թե ձևական ու մեքենական շարժում մըն է, այլ ամէն անգամ երբ կը խաչակնքենք պահ մը կ’անդրադառնանք այն մեծ ինքնազոհութեան, որ Աստուած իրականացուց խաչին վրայ մեր փրկութեան համար: Մեր աղօթքը կը վերառաքենք առ ամենաբարին Աստուած` կրկնելով սուրբ հայրերու շուրթերուն բիւրեղացած սրտառուչ մաղթանքը.


Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս,
յորժամ երեւիս փառօք Հօր ընդ ամպս լուսաւորս:
Յայնժամ մեք մի՛ ամաչեսցուք
յուսացեալքս ի քեզ, այլ զօրութեամբ քով
մեծաւ բերկրեսցուք ընդ աջմէ քումմէ
որպէս զորդիս լուսոյ և որդիս տուընջեան:


Գիտէի՞ր թէ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Խաչին նուիրուած 4 տօներ ունի:

Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com