3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • Սուրբեր Եւ ՏօներClick to open the Սուրբեր Եւ Տօներ menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
    • Ժամանակացոյց
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Blog

Սրբոց Թարգմանչաց

Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետները

      Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական և սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է: Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին սուրբ  թարգմանիչ վարդապետներու անուան ներքեւ կը տօնէ Մեսրոպ Մաշտոցի, Եղիշէի Պատմիչի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) պայծառ յիշատակը:
   

      Սբ. Թարգմանիչներն իրենց անսահման ջերմութեամբ և հաւատքի լոյսով ցրեցին տիրող խաւարն ու ջերմացուցին հայ մարդու հոգին: Անոնց շնորհիւ Աստուածաշունչ մատեանը հայերէնի թարգմանուեցաւ, եւ հայը առաջին անգամ ըլլալով հնարաւորութիւն ստացաւ իր մայրենի լեզուով կարդալու Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Սրբազան թարգմանիչներն իրենց լայն գործունէութեամբ նպաստեցին Հայոց աշխարհի հոգևոր-մշակութային զարթօնքին: 

      Ս. Գրքի թարգմանութեան յաջորդեցին Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու բազմաբնոյթ երկերու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնցմէ շատեր այսօր, իրենց բնօրինակներու կորստեան պատճառով, բնագրի արժէք ստացեր են:

      Հայ Առաքելական Եկեղեցին Սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու` Մեսրոպի, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի և Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) յիշատակը կը տօնէ Ս. Խաչի Դ. Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:

 

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) ստեղծած է Այբուբենը 405 թուականին: Ծնած է Տարօն քաղաքի Հացեկաց գիւղին մէջ, մօտաւորապէս 362 թուականին: Շատ լաւ գիտէր նաեւ յունարէն, պարսկերէն, ասորերէն, եւ վրացերէն: Արքունիքի ատենադպիր, եւ ապա զինուորական ծառայութիւն մտնելէ ետք 394 թուականին դարձած վանական: Հայաստանի տարբեր շրջանները քարոզելով՝ Մաշտոց խորապէս գիտակցած է իր ժողովուրդին սպառնացող վտանգին՝ երկրին մէջ տիրող օտար ազդեցութիւններու հետեւանքով եւ վճռած է ստեղծել հայոց գիրերը: Այդ նպատակով Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ թագաւորի աջակցութեամբ ան ուղուած է Ասորիք: Բաւական նեղութիւններէ ետք 405 թուականին Մաշտոց վերադարձած է հայրենիք իր հետ բերելով իր ստեղծած 36 գիրերը: Անկէ ետք, Ս. Սահակ հայրապետին օգնած է Հայ դպրութեան տարածման: Բացած է դպրոցներ, եկեղեցական արարողութիւնները հայացնելու նպատակով կազմած է Պատարգամատոյց «Մաշտոցի եւ Ժամագրքի նախնական տարբերակները», սկսած է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, գրած է քարոզներ: Վախճանած է 17 Փետրուար 440-ին Վաղարշապատի մէջ եւ թաղուած Օշական գիւղին մէջ:

 

Ս. Եղիշէ Պատմիչ (~ 410 - ~470)  գրած է «Վարդանանց եւ հայոց պատերազմի մասին», Հայ մեծ պատմիչ եւ աստուածաբան եւ կրտսեր աշակերտ Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի: 434-441 կ’ուսանի Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հայաստան վերադառնալէ ետք կը ծառայէ Վարդան Մամիկոնեանին որպէս զինուոր եւ դպրապետ: 450-451 Վարդանանց պատերազմին մասնակցելէ ետք կը լքէ զինուորական ասպարէզը, կը հեռանայ աշխարհական կեանքէն եւ կը դառնայ մենակեաց:

 

Ս. Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ(~475-~550) Հայ մեծ իմաստասէր, ծնած է Տարօնի Ներգին գիւղին մէջ: Իր ուսումը ստացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հրապարակային փիլիսոփայական վէճերու մէջ իր յաղթանակներուն համար ստացած է Անյաղթ տիտղոսը: Ան հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ տրամանաբանական գիտութիւններու: Ան փիլիսոփայութեան տուած է բարոյագիտական ուղութիւն: Դաւիթ Անյաղթի մեծագոյն գրական գործը «Սահմանք Իմաստասիրութեան» գործն է որ մէկ հազարամեակ եղած է մեկնողական աշխատութիւններու առարկայ: Ան նաեւ ստեղծած է բազմաթիւ երգեր եկեղեցւոյ համար:


Ս. Մովսէս Քերթող Սիւնեցի (է. դար) Իր ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են: Եղած է Է. դարու երկրորդ կէսի աստուածաբան, թարգմանիչ, ծիսագէտ եւ երաժիշտ-տեսաբան:

 

Ս. Գրիգոր Նարեկացի (951- 1003) Բանաստեղծ,  երաժիշտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն:  Անոր ամենէն աւելի ծանօթ ստեղծագործութիւնն է «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ աւելի հանրածանօթ է իբր «Նարեկ» աղօթագիրք:
    Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը հրատարակուած է գրաբար, աշխարհաբար՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն եւ թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու ինչպէս ֆրանսերէն, անգլերէն, պարսկերէն, իտալերէն, գերմաներէն, սպաներէն: Հետաքրքրական է նաեւ թէ նոյն այս գլուխ-գործոցի գրչագիր ընդօրինակութիւններէն մեզի հասած է 150-էն աւելի օրինակներ:

 

Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102 - 1173) Բանաստեղծ, երաժիշտ, Ամենայն  հայոց կաթողիկոս,  Ներսէս Դ. Կլայեցի, կոչուեր է «Շնորհալի» իր բացառիկ գիտութեան, առաքինի վարքին համապատասխան: Ան կրած է նաեւ բազմաթիւ այլ որակաւորներ, որոնցմէ են «Երկրորդ լուսաւորիչ», «Եռամեծ վարդապետ», «Երանաշնորհ սուրբ», «համահրեշտակ» եւայլն:
    Ներսէս Շնորհալիի հոգեւոր բանաստեղծութիւնները թիւով շատ են: Անոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ է «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, որ 24 տուներէ բաղկացած գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը կարելի է համարել: Այս տուներէն իւրաքանչիւրը կը վերագրուի օրուան 24 ժամերէն իւրաքանչիւրին: Ան պարզ ու նոյն ատեն խորաթափանց աղօթք մըն է:


In the month of October the Armenian Church commemorates the feast of the
Holy Translators. These are the fathers of the Armenian Church, who, immediately
after the creation of the Armenian alphabet, started the translation of the Bible,
religious and other texts from Greek and Assyrian into Armenian, and/or have produced their own writings. The most important figures of this group of holy men are:

  • St. Mesrob Mashdots, who created the alphabet and contributed to the translation of the Bible
  • Yeghishe Badmich, who wrote a history of the battle of Vartanants and biblical commentaries
  • Movses of Khoren, the father of Armenian historiography
  • Tavit the Invincible, who translated works of Greek philosophy
  • St Gregory of Narek, who has written a religious jewel: the prayerbook Madian Voghperkoutyan”, known today also as “Nareg”
  • St. Nerses Shnorali, who has written prayers, hymns and theological encyclicals.

The last two have lived consecutively during the 10th and 12th century.

 

 

 

 

Consider using this space to introduce your page. Just click to add your own content.

You can use this page for anything you like, but we recommend focusing on one or two related topics to avoid confusing your readers. Remember that you can always add more pages if you need them.

Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com