3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
ՆԻԿԻՈՅ ԺՈՂՈՎ Արիոս Աղեքսանդրացի, իր իմաստասիրական հմտութեամբը
ծանօթ անձ մըն էր, որ մինչեւ իսկ հայրապետութեան յաջորդելու աչք ունեցաւ: Այն
ժամանակները կը շարունակէին Յիսուսի անձին վրայ խնդիրներ եւ Արիոս ալ սկսաւ պաշտպանել այն տեսակէտը թէ Յիսուս Քրիստոս մարդացեալ Որդի Աստուծոյ չէ, այլգերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստովառնելու չէ։ Աղեքսանդր հայրապետ Աղեքսանդրիոյ կրկին գաւառական ժողովներու մէջ, 319-ին եւ 312-ին, հերքեց Արիոս երէցին կարծիքը, որ սակայն իրեն պաշտպան եպիսկոպոսներալ ունեցաւ եւ Եւսեբիոս արքեպիսկոպոս Նիկոմիդիոյ ուրիշ ժողովով մը արձակեց ԱրիոսըԱղեքսանդրիոյ ժողովներուն դատապարտութենէն։ Երբ որ վէճերը ընդհանրացան եւեկեղեցւոյ մէջ հակառակութիւնները սաստկացան, Կոստանդիանոս կայսրը ուզեց խնդիրը
ընդհանուր ժողովի մը մէջ լուծել, եւ բոլոր քրիստոնեայ աշխարհի եպիսկոպոսները
հրաւիրեց Նիկիա քաղաքը 325-ին, ուր ժողովը բացուեցաւ Յունիս 19-ին։ Հրաւիրուած էին նաեւ Տրդատ եւ Գրիգոր որոնք կամ չուզելով, կամ չկրնալով անձամբ երթալ, Արիստակէսը իրենց փոխանորդ նշանակեցին, եւ իրենց կարծիքին ու դաւանութեան յայտարարութիւնն ալ գրաւոր անոր յանձնեցին եւ ճամբայ հանեցին (ԽՈՐ. 176)։ Արիստակէս եղաւ Նիկիոյ 318 հայրապետներէն մին, որոնք միայն քանի մը հոգիի տարաձայնութեամբ, Արիոսական վարդապետութիւնը դատապարտեցին, եւ Արիոսը նզովեցին, եւ Կոստանդիանոս ալ զայն
աքսորեց։ Նիկիոյ ժողովին հայրապետներուն կը կարդացուի Հայոց Մեծաց Արիստարքոս կամ Արիստակիսոս կամ Արսափիոս անունով եպիսկոպոսը, որ մեր Արիստակէսն է, թէպէտ օրինակէ օրինակ անունը աղաւաղուած։ Յատուկ գործունէութեան կամ բանախօսութեան յիշատակ մը չունինք, բայց արդէն այնչափ եպիսկոպոսներուն մէջէն միայն քանի մը հատ պայքարողներու անունները միայն կը տեսնուին ժողովին ատենագրութեանց մէջ։
Արիստակէս ժողովէն շիտակ վերադարձաւ Վաղարշապատ արժանահաւատ բանիւ, եւ քսան կանոնեալ գլխովք ժողովոյն (ԽՈՐ. 177), եւ Գրիգոր ուղղափառ հաւատքի յաղթանակին վրայ ուրախանալով կ’ընդունի եւ կը հռչակէ Նիկիային կանոնները, եւ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ ի կանոնս ժողովոյն յաւելու (ԽՈՐ. 177)։
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab