3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
Տօն՝ Սուրբ Հրեշտակապետներու Գաբրիէլի եւ Միքայէլի
Նոյեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ Շաբաթ օրը, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ հրեշտակապետներ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի տօնը: Հրեշտակ կը նշանակէ պատգամաւոր, առաքեալ «ղրկուած»: Նախապէս անոր կը տրուէր երկնային դեսպան, պատգամաւոր, եւ կամ սուրհանդակ նշանակութիւնը: Աստուածաշունչը կը վկայէ որ հրեշտակները իբրեւ լուսեղէն ստեղծուած են առաջին օրը, լոյսի հետ միասին: Անոնք ժամանակի ներգործութենէն չեն ազդուիր եւ սեռային յատկանիշներ չունին: Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակներու մասին ակնարկութիւնները շատ են: Անոնք կը ներկայացուին իբրեւ բազմաթիւ, մեծագործ եւ զօրաւոր էակներ: Հին Կտակարանին մէջ անոնք
Աստուծոյ ներկայացուցիչները կը նկատուին, միջնորդներ հոգեւոր եւ նիւթեղէն աշխարհներուն միջեւ: Անոնք ունին իրենց ղեկավարները որոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ են Գաբրիէլը եւ Միքայէլը:
Հին միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ յատկապէս, կը գտնենք Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերը, Տիրամօր աւետելու ատեն:
Միքայէլ հրեշտակապետը Իսրայէլի ժողովուրդին համար մարտնչելու ընթացքին: Երուսաղէմ, ձեռ. 2027, էջ 4բ, Աստուածաշունչ 1266 թ. Կիլիկիա, ծաղկող՝ Թորոս Ռոսլին
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab