3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202

director@sourphagop.org

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • Մեր ԴասապահերըClick to open the Մեր Դասապահերը menu
    • Երգեցողութիւն
    • Մանկապարտէզ
    • Նախակրթարան Ա. եւ Բ.
    • Նախակրթարան Գ. եւ Դ.
    • Նախակրթարան Ե. եւ Զ.
    • Երկրորդական Ա. եւ Բ.
    • Երկրորդական Գ. եւ Դ.
    • Երկրորդական Ե.
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
  • Ս. ԾնունդClick to open the Ս. Ծնունդ menu
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • ՍուրբերClick to open the Սուրբեր menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
  • ՏօներClick to open the Տօներ menu
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
  • ԺամանակացոյցClick to open the Ժամանակացոյց menu
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Կապեր
  • EventsClick to open the Events menu
    • Ծաղկազարդ
  • SurveyClick to open the Survey menu
    • Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը:
  • Blog
  • NewsClick to open the News menu
    • Հայ Գիրքի Տարի
    • Վարագավանքը՝ երկրաշարժէն յետոյ
    • HH Aram I Interview with Yerevag
    • Armenia Wolrd Chess Champion
    • Մշոյ Ճառընտիր
  • Armenian FontClick to open the Armenian Font menu
    • Enable Armenian in 7 Clicks
    • Virtual Armenian Keyboard
  • GalleryClick to open the Gallery menu
    • Սրբոց Թարգամանչաց
    • Օրհնեա' Տէր
    • Ս. Հաղորդութիւն՝ Սեպտ. 18 2016
    • Վերամուտ 2016-2017
    • Ամավերջի Հանդէս 2016
    • Ամավերջի Հանդէս 2015
    • Ամավերջի Հանդէս 2014
    • Ամավերջի Հանդէս 2013
    • Բուն Բարեկենդան 2012

Ս. Վարդանանք

Ամէն օր Վարդանանց է


      Սփիւռքի տարածքին ապրող բոլոր հայերուն համար ամէն օր Վարդանանց պէտք է ըլլայ, եթէ հայապահպանումի պատերազմին մէջ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն յաղթելու յոյսը վառ կ’ուզենք պահել:


      Իւրաքանչիւր օրուան ծագող արեւուն հետ «ճերմակ ջարդ»ի սուրն է որ կը ճօճէ, քիչ մը եւս օտարացնելով բոլոր անոնք որոնք օրէ օր կը նուազեցնեն իրենց դիմադրականութիւնը եւ կը նօսրացնեն իրենց հայկականութիւնը, համակերպելու համար օտարութեան պայմաններուն:


      Թշնամիին միջոցներն ու կարողութիւնները մեր ունեցած միջոցներուն ու կարողութիւններուն բազմապատիկն են: Մեր շարքերուն մէջ «Վասակեան» ըմբռնումի հաւատացողներուն թիւը տարուէ տարի կ’աճի: Այս բոլորին մէջ սակայն, մեր ռազմավարութիւնը պէտք է մնայ վարդանանց շունչով սերմանուած, որպէսզի այս մաշումի պատերազմը մենք հասցնենք Վահանեանց յաղթական եզրակափումին: Ահաւասիկ այս ռազմավարութեան հիմնաքարերը:


1. ՉԶԻՋԻԼ
Նկարագրի տէր անձ մը պէտք է գիտնայ թէ ե՞րբ պէտք է հաստատ կենայ իր կեցուածքին վրայ ու որոշէ ամէն գնով իր սկզբունքը եւ գաղափարը պաշտպանել: Ահա այդ ըրաւ Վարդան Մամիկոնեան ու մերժեց զիջիլ Քրիստոնէութենէն ըսելով «այս հաւատքէն
մեզ ոչ ոք պիտի շեղէ»:


2. ՄԵՐԺԵԼ
Երբեմն մեզի պէս մտածող անձերուն թիւը քիչ կ’ըլլայ, իսկ հակառակորդներուն պէս մտածողներունը՝ շատ: Բայց թիւով մեծ խումբը կրնայ նոյնքան զօրաւոր չըլլալ,
որովհետեւ նոյնքան համոզում կրնայ չունենալ եւ նոյնքան բուռն ձեւով կրնայ չհաւատալ իր գաղափարին: Ահա այսպէս է որ թէեւ հայ քրիստոնեաները թիւով նուազ էին պարսիկներէն, բայց իրենց հաւատքին մէջ աւելի զօրաւոր ըլլալով, մերժեցին ընդունիլ Յազկերտի առաջարկը:


3. ՀԱՄԲԵՐԵԼ
Վարդանի եւ իր 1036 ընկերներու նահատակումով սկսած պատերազմը աւարտեցաւ 33 տարիներ ետք իր եղբօրորդի Վահան մամիկոնեանի յաղթանակով եւ 484 թուականի Նուարսակի մէջ ստորագրուած դաշնագրով: Այս դաշնագրով պարսիկները կ’ընդունէին Հայոց պայմանները.


ա. Հայաստանի ինքնավարութիւն
բ. Քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն
գ. Ատրուշաններու վերացում:


Ահա այսօր, վարդանանցէն 1,560 տարիներ ետք, մենք որքա՞ն հաւատարիմ ենք քաջ
Վարդանին եւ մենք ալ մեր կարգին


1. Հաստատ կը մնանք մեր Քրիստոնէական սկզբունքներուն վրայ


2. Հակառակ անոր որ մեր շուրջը շատ աւելի է թիւը անոնց որոնց հաւատամքը
խոտոր է մեր Հայ Քրիստոնեայ սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն, եւ


3. Մենք այս բոլորին կը դիմադրենք համբերութեամբ եւ Քաջ Վարդանին պէս
կ’ըսենք՝ Քանզի Հայր Մեր զՍուրբ Աւետարանն Գիտեմք եւ Մայր զԱռաքելական Եկեղեցի Կաթողիկէ:

Սբ. Վարդանանց Շարական ”Նորահրաշ պսակաւոր”

 

Նորահրաշ պսակաւոր

Նորահրաշ պսակաւոր և զօրագլուխ առաքինեաց,
Վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու,
Վարդան, քաջ նահատակ, որ վանեցեր զթշնամին,
Վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի:

Երկնաւոր թագաւորին զինու յաղթեալ պատերազմին,
Խոհական իմաստութեամբ, խոհեմացեալ անճառապէս,
Խորէն խորհրդական և ծանուցեալ անուն բարի,
Խաչելոյն վկայ եղեալ հեղմամբ արեան պսակեցաւ:

Րենական լուսով լցեալ արիացեալն քաջն Արտակ,
Թաթաւեալ ի կարմրութիւն բոսորային բղխեալ աղբերն,
զՓրկականն ըմպեալ զբաժակ և մկրտեալ արեամբն իւրով,
Դասակցեալ ընդ անմարմնոցն Երրերդութեանն երգել զփառս:

Սրբափայլ զգեստուք պճնեալք ի յերկնաւոր հանդիսադրէն,
Երրորդութեամբն զօրացեալ վանեալ զամուրս բանսարկուին,
Հմայեակ Հօր ընծայեալ Որդւոյ գոլով չարչարակից,
Հոգւովն յաղթեալ պատերազմին և չարասէր թագաւորին:

Էական բարւոյն դիտմամբ ընդդէմ մեղացն վառեցաւ,
Տարագնաց ելիւք յերկինս պարակցեալ ընդ անմարմնոցն,
Տաճատ զարմանալի տաճար եղեալ Երրորդութեանն,
Տէրունեան սուրբ խորհրդոյն տուն և տեղի արժանացեալ:

Ստացեալ զհաւատոյ վահան յուսոյն զրահիւք ծածկեալ,
զՓրկականն սաղաւարտ ի գլուխ եդեալ զնշան խաչին,
Վահան վեհ երեւեալն, որ մանկութեամբ նահատակեալ,
Խաչելոյն վկայ եղեալ՝ պսակեցաւ արեամբն իւրով:

Ի հոտ անոյշ ողջակիզեալ մատուցանէր զինքն նուէր,
Բանաւոր պատարագաւ ընծայելով Հօր ի հերկինս,
Արսէնն ցանկալի արդարութեամբ ճոխացեալ,
Իմաստութեամբ պայծառացեալ յեօթնարփեան շնորհաց Հոգւոյն:

Երկոքումբք հարազատովք ընտրելագոյն նահատակօք,
Յառաջեալ յամենեցունց գլուխ և աւարտ մարտիրոսաց,
Նախաշաւիղ գոլով բարեաց, յառաջադէմն Գարեգին,
Ընկալեալ զբրաբիոնն յաղթանակ նահատակացն:

Րամկական խումբ հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից,
Որք ընդ նոսին նահատակեալ արիաբար պատերազմաւ,
Եւ հեղին զարիւնս իւրեանց ի նորոգումն եկեղեցւոյ.
Ընդ նոսին պսակելով ի յերկնաւոր հանդիսադրէն:

Գոհութեամբ փառատրութիւն Երրորդութեանդ նուագեմք,
Բազմութեամբ պսակելոցս զմեօք մածեալ առաքինեացս,
Եկեղեցիք Հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան,
Ունելով միշտ բարեխօս զճգնութիւն մարտի սոցա:



Գիտէի՞ր

թէ Աւարայրի ճակատամարտով սկսած Վարդանանց պատերազմը
33 տարիներ տեւեց եւ վերջացաւ Վարդանի եղբօրորդի Վահան Մամիկոնեանին
յաղթանակով եւ Նուարսակի դաշնագրի ստորագրումովը՝ 484 թուականին:

Գիտէի՞ր

թէ «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականին ծայրակապը ՆԵՐՍԷՍԻ ԵՐԳ է:

 

Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202

director@sourphagop.org