Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ

 


Սուրբ Յակոբ


Կիրակնօրեայ Դպրոց

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202

director@sourphagop.org

  • ՏունClick to open the Տուն menu
    • Mailing List
    • Հայ Տպագրութեան 500-ամեակ
    • Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան
    • Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Դպրոցի Առօրեան
    • 2011-12
    • Ձեռնարկներ
    • 2010-11
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
    • Video
    • Սուրբ Պատարագ
    • Rentrée
  • ՍուրբերClick to open the Սուրբեր menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
  • ՏօներClick to open the Տօներ menu
    • Տօնացոյց 2012
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
  • ԺամանակացոյցClick to open the Ժամանակացոյց menu
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Կապեր
  • Events
  • SurveyClick to open the Survey menu
    • Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը:
  • Blog
  • NewsClick to open the News menu
    • Հայ Գիրքի Տարի
    • Վարագավանքը՝ երկրաշարժէն յետոյ
    • HH Aram I Interview with Yerevag
    • Armenia Wolrd Chess Champion
  • Enable Armenian in 7 Clicks
  • Virtual Armenian Keyboard
  • GalleryClick to open the Gallery menu
    • Բուն Բարեկենդան 2012

Ս. Յովհան Ոսկեբերան

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան (344/54-407 թթ.) Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը, որուն տօնը 2011-ին Հոկտեմբեր 30-ին տօնեցինք, ընդհանրական եկեղեցւոյ տասներկու
վարդապետներէն մէկն է: Ծնած է Անտիոքի մէջ, ազնուական ընտանիքի մէջ, ազգութեամբ՝ ասորի: Հայրը մահացեր է երբ ան տակաւին մանուկ էր: Մօր բարի խնամքին շնորհիւ ստացեր է լաւ կրթութիւն՝ ուսանելով ժամանակի հռչակաւոր հռետոր եւ ճարտասան Լիբանիոսի մօտ:
380 թուականին Մելիտոս եպիսկոպոսի թախանձագին հարկադրանքով սարկաւագ կը ձեռնադրուի: 386 թուականին Մելիտոսին յաջորդած Փլաբիանոս հայրապետը զայն քահանայ կը ձեռնադրէ: 397 թուականին կը վախճանի Կոստանդնուպոլսոյ
Նեկտարիոս պատրիարքը, Արկադիոս կայսրը, տեղեակ ըլլալով սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի համբաւի մասին, կը պատուիրէ, որպէսզի զայն անմիջապէս, անաղմուկ բերեն Կոստանդնուպոլիս՝ պատրիարք ձեռնադրելու: 398 թուականին տեղի կ’ունենայ անոր ձեռնադրութիւնը: Իր հօտին նուիրուած հովիւը ոչ միայն քաղցրութեամբ կը խրատէր, այլ երբեմն՝ յանդիմանութեամբ, այդ էր պատճառը, որ շուտով անուանի հայրապետը շատ հակառակորդներ կ’ունենայ: Այդ հակառակորդներու շարքին մէջ էր նաեւ Եւդոքսիա թագուհին, որ կը յանդիմանուէր
հայրապետի կողմէ արքունական յոռի բարքերու պատճառով: Իր թշնամիներու սադրանքով 403 թուականին ան կ’աքսորուի, սակայն վախնալով ժողովուրդի ցասումէն և այդ օրերուն տեղի ունեցած երկրաշարժէն՝ արքունիքը ետ կը բերէ հայրապետը: 404 թուականին Ս. Յովհան Ոսկեբերանը դարձեալ կ’աքսորուի Կիլիկիոյ Կոկիսոն քաղաքը, աւելի ուշ՝ Բիւզանդիա: Չդիմանալով ճանապարհի դժուարութիւններուն՝ 407 թուականին կը մահանայ: Անոր արտասանած վերջին բառերն են. «Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ, փա՛ռք քեզ, ամէն ինչի համար փա՛ռք քեզ»:
438թ. սուրբի մարմինը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը բերուի եւ կ’ամփոփուի Կ. Պոլսոյ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ:
Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս անխոնջ մշակի ոսկեբերան խօսքերը դարեր շարունակ առաջնորդեր և կրթեր են բազում եկեղեցական սերունդներ: Անոր խօսքերէն կատարուած մէջբերումներու կը հանդիպինք ամենուրէք: Ան յայտնի է իր Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու մեկնութիւններով: Բազմատեսակ է անոր մատենագրական վաստակը՝ մեկնութիւններ, ճառեր, ներբողներ, թուղթեր և այլն, որոնք իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են քրիստոնէական մտքի պատմութեան վրայ: Անոր գործերը հայերէնի թարգմանուած են, արդէն իսկ իր կենդանութեան օրերուն:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակն ամէն տարի կը տօնէ երկու անգամ, նախ՝ Տասներկու վարդապետներու շարքին` Խաչվերացի Զ. Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը, ապա, առանձին` Խաչվերացի Է. Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:

Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202

director@sourphagop.org