Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ


Սուրբ Յակոբ
Կիրակնօրեայ Դպրոց
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director
Տօն՝ Սուրբ Հրեշտակապետներու Գաբրիէլի եւ Միքայէլի Նոյեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ Շաբաթ օրը, Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ հրեշտակապետներ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի տօնը: Հրեշտակ կը նշանակէ պատգամաւոր, առաքեալ
«ղրկուած»: Նախապէս անոր կը տրուէր երկնային դեսպան, պատգամաւոր, եւ կամ սուրհանդակ նշանակութիւնը: Աստուածաշունչը կը վկայէ որ հրեշտակները իբրեւ լուսեղէն ստեղծուած են առաջին օրը, լոյսի հետ միասին: Անոնք ժամանակի ներգործութենէն չեն ազդուիր եւ սեռային յատկանիշներ չունին: Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակներու մասին ակնարկութիւնները շատ են: Անոնք կը ներկայացուին իբրեւ բազմաթիւ, մեծագործ եւ զօրաւոր էակներ: Հին Կտակարանին մէջ անոնք
Աստուծոյ ներկայացուցիչները կը նկատուին, միջնորդներ հոգեւոր եւ նիւթեղէն աշխարհներուն միջեւ: Անոնք ունին իրենց ղեկավարները որոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ են Գաբրիէլը եւ Միքայէլը: Հին միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ յատկապէս, կը գտնենք Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատկերը, Տիրամօր աւետելու ատեն:
: , . 2027, 4, 1266 . ,
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-956-1277
alt: 514-331-5445 X 202
director