3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab
ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
ԱՆՈՒՆ
Յօդ. Ա.
- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական թեմերուն բոլոր եկեղեցիները կ'ունենան իրենց յարակից կրօնական դպրոցները, որոնք կը կոչուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներ:
ՆՊԱՏԱԿ
Յօդ. Բ.
ա) Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աւանդութեան համաձայն կրօնական դաստիարակութիւն տալ մասնաւորապէս մանուկներուն եւ պատանիներուն, իբրեւ լրացուցիչ մասը ազգային ընդհանուր կրթութեան եւ դաստիարակութեան, եւ ընդհանրապէս ալ չափահասներուն աւանդել քրիստոնէութեան եւ Մայրենի Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գիտելիքներ եւ ծանօթութիւններ:
բ) Այս դաստիարակութեան նպատակն է Հայ ժողովուրդին զաւակները գիտակից ընել իրենց Քրիստոնէական Կրօնքին եւ Մայրենի Եկեղեցւոյն եւ շինել անոնց քաղաքացիական նկարագիրը:
ՄԻՋՈՑ
Յօդ. Գ. Սոյն նպատակը իրագործելու միջոցներն են.
ա) Կազմակերպել Կիրակնօրեայ Դպրոցներ իւրաքանչիւր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն կից:
բ) Չափահասներու համար կազմակերպել լսարաններ՝ շաբթուան յարմար օրերուն մէջ:
գ) Հայթայթել կամ հրատարակել մանուկներու եւ չափահասներու յարմար սուրբգրական դասագիրքեր, կրօնական թերթեր, գիրքեր եւ պատկերներ:
դ) Սարքել կանոնաւոր դասախօսութիւններ՝ պատրաստելու համար կամաւոր ուսուցիչներ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու, մշակելով ուսուցչութեան համար անհրաժեշտ նիւթեր:
Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,
L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.
3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5
ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202
torosab