3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com

  • Տուն
  • Մեր մասինClick to open the Մեր մասին menu
    • Նպատակ
    • Historique
    • Դպրոցի Առօրեան
    • Video
    • Տնօրէնին Խօսքը
  • ԼրահոսClick to open the Լրահոս menu
    • Rentrée
    • Ձեռնարկներ
    • 2012-13
    • 2011-12
    • 2010-11
    • Սուրբ Ծնունդ 2018
    • 2013 Սուրբ Ծնունդ
    • 2012 Սուրբ Ծնունդ
  • Սուրբեր Եւ ՏօներClick to open the Սուրբեր Եւ Տօներ menu
    • Ս. Նունէ
    • Ս. Աւետարանիչներ
    • Ս. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս
    • Ս. Յակոբ
    • Հրեշտակապետներ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ
    • Ս. Յովհան Ոսկեբերան
    • Ս. Մանէ
    • 40 Մանկունք
    • Ս. Ղեւոնդեանք
    • Ս. Թէոդորոս Զօրավար
    • Սրբոց Թարգմանչաց
    • Ս. Վարդանանք
    • Ս. Գէորգ Զօրավար
    • Տօնացոյց 2016
    • Ս. Խաչի Երեւման Տօն
    • Այլակերպութիւն
    • Տեառնընդառաջ
    • Խաչվերաց
    • Համբարձում
    • Տաղաւար
    • Վարագայ Սուրբ Խաչ
    • Հոգեգալուստ
    • Նիկիոյ Ժողով
  • ԳիրքերClick to open the Գիրքեր menu
    • Դասագրքեր
    • Այլ Գիրքեր
    • Սուրբ Պատարագ
    • Եկեղեցական Բառարան
    • Լեզուական Բառարան
    • Կանթեղ
    • Մաղթերգ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
    • Երգեր
    • Ժամանակացոյց
    • Հայերէն
  • Մաշտոցի Արձագանգ
  • Blog

2013 Sourp Dznount

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան յայտագիրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Դեկտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէին, Ս. Յակոբ Վարժարանի Բաստրմաճեան սրահին մէջ՝ ի ներկայութեան հայ հոգեւոր արժէքներուն գիտակից ծնողներու եւ բարեկամներու:

Աշակերտներ եւ ժողովուրդ յոտնկայս երգեցին Տէրունական աղօթքը: Ապա աշակերտները դարձեալ յոտնկայս՝ աղօթեցին Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր, Յիսուս»ը, ու երգեցին Կիրակնօրեայի քայլերգը:

Ապա խօսք առաւ Տնօրէնը՝ Թորոս Պապիկեան որ անդրադարձաւ Մանուկ Յիսուսի բացակայութեան Դեկտեմբեր ամսուան մէջ ուր Christmas-ի տիրական ներկայութիւնը Կաղանդ Պապան էր: Ան հաստատեց թէ Կիրակնօրեան, կը ձգտի իր աշակերտներուն մէջ Հայ Քրիստոնեայ նկարագիր կերտել, հիմնուած Քրիստոսի վրայ, եւ առ այդ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտը քաջատեղեակ պահելու համար Քրիստոսի Ծնունդին, ամէն տարի կը պատրաստէ Սուրբ Ծննդեան կենդանի պատկերը, ուր երկրորդականի աշակերտները կը կարդան Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններէն հատուածներ եւ մանկապարտէզի ու նախակրթարանի աշակերտները կը ներկայացնեն հովիւներ, մոգեր, հրեշտակներ, Մարիամ, Յովսէփ, Օրէնքի ուսուցիչներ ու Հերովդէս թագաւորը: Ապա անդրադարնալով Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին, ներկայացուց այն 3 տարբեր ձեւերով որ մարդիկ ընդունեցին Յիսուս Մանուկի ծնունդը. Մոգերը՝ որոնք հակառակ անոր որ անձնական հրաւէր չէին ստացած եւ Մեսիան չէին սպասեր, երկար ճամբայ կտրեցին տեսնելու Յիսուս մանուկը, Հովիւները՝ որոնք Փրկիչի ծնունդին աւետիսը հրեշտակին կողմէ ստացան, եւ Հերովդէս թագաւորը՝ որ օրէնքի ուսուցիչներուն եւ աւագ քահանաներու միջոցաւ հաստատելէ ետք Քրիստոսի ծնունդը, որոշեց սպաննել մանուկը: Ան աւելցուց թէ կ’ապրինք փոթորկոտ աշխարհի մը մէջ, ուր պատերազմի եւ սպաննութիւններու լուրերն են որ կը գրաւեն հեռատեսիլի եւ համացանցի էջերը: Ան աւելցուց թէ հակառակ այս իրականութեան, մենք պէտք է շարունակենք ըսել «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն», որովհետեւ երբ մենք միշտ փառք տանք Աստուծոյ կ’ունենանք ներքին խաղաղութիւն եւ հաճոյքով կը վերաբերինք մեր շուրջիններուն հետ եւ այսպիսով մեր ներքին խաղաղութիւնը կ’արտացոլայ մեր ընտանիքին, մեր բարեկամներուն եւ մեր շրջանակին մէջ:

Ապա սկսաւ կենդանի պատկերը: Ընթերցողներ՝ Երկր. Բ. դասարանի աշակերտներ՝ Արշակ Խշխշեան, Ռիթա Խշխշեան, Սեւակ Պապիկեան, Բասգալ Տէմիրճեան, եւ Մհեր Պանքեան փոխն ի փոխ կարդացին Աւետարաններէն մինչ մնացեալ աշակերտները կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին ըստ կարդացուածին. (աշակերտներուն բեմ ելեւմուտքին, ինչպէս նաեւ լոյսի եւ վարագոյրի պատասխանատուն էր աւարտական Երկր. Ե. կարգի աշակերտ Առէն Պապիկեան): Բեմը կը ներկայացնէր վրան մը, որ գործածուեցաւ թէ որպէս Յովսէփի եւ Մարիամի Նազարէթի տունը եւ թէ այն քարայրը ուր Յիսուս ծնաւ: Ճոխ էր տարազներու հաւաքածոն (բեմի զարդարանք եւ տարազներու պատասխանատու՝ Տիկ. Շողիկ Նաճարեան): Իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ բեմ ներկայանալու, եւ կարդացուածին բոլոր մանրամասնութիւնները ներկայացուեցան: Հետաքրքրական էր փոքրիկ հովիւներուն ներկայութիւնը իրենց ոչխարներով:

Կենդանի պատկերի աւարտին ժամանեց Կաղանդ Պապուկը որուն ներկայութեան Բողբոջ-Կոկոն դասարանի աշակերտները երգեցին «Բարի Լուր»ը, որուն յաջորդեց աղօթք մը Մանկապարտէզի եւ Նախ Ա. Բ. եւ Գ. աշակերտներուն կողմէ (ուսուցչուհի Թամար Գիզիրեան): Աւարտած ըլլալով իրենց բաժինը, Բողբոջ-Կոկոնի աշակերտները ստացան իրենց նուէրները Կաղանդ Պապուկէն: Ապա Դպրոցի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Վաչէ-Սագօ Պոյաճեանի երգեց «Այսօր Տօն է Սուրբ Ծննդեան», «Զանճառելի Լուսոյ Մայր» եւ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականները, որոնց վերջինին դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Երկր. Բ. դասարանի աշակերտ Բասգալ Տէմիրճեանը: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղին որ հոգացած էր տրուած նուէրներուն առիւծի բաժինը: Յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան կարկանդակով (պատրաստուած ծնողք՝ Տօքթ. Թալին Քէօսէեանի եւ Տիկ. Անի Պապիկեանի կողմէ), եւ պտուղի հիւթով: Հաւաքոյթը աւարտեցաւ ներկաներուն նոր տարուայ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով:

Մեր հին կայքէջը,Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կայքէջը,

 

L'École Arménienne Sourp Hagop Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի կայքէջը



Copyright 2011 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոց. All rights reserved.

Web Hosting by Yahoo!

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC H4J 1L5

ph: 514-513-4224
alt: 514-331-5445 X 202

torosab@gmail.com